Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանանի ազգային խումբը, որ կատարեց իր առաջին մրցումը, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 69-42 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իրաքը:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան Ֆայհայի մարզադաշտին վրայ: Լիբանանի մարզիչն է` Զիատ Նաթուր: