Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած վերջին լուրերուն համաձայն, Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութիւնները պիտի վերսկսին, յառաջիկայ տարուան յունուար ամսուան սկիզբը:
Կարգ մը խումբեր սկսած են իրենց փորձերուն, իսկ ուրիշներ` ոչ:
Անսարի ղեկավարութիւնը որոշեց, որ խումբը իր փորձերուն պիտի սկսի վաղը չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին, գլխաւորութեամբ իր մարզիչին` Նիզար Մահրուսի:
Այսօր կը յստականայ, թէ Անսարի մրցակիցը ո՛վ պիտի ըլլայ (ինչպէս նաեւ` Ահտի) Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով, երբ կատարուի վերջինիս վիճակաձգութիւնը: