Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի յանձնախումբին, կիրակի, 8 դեկտեմբերին ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային ֆութպոլի պատանիներու մրցաշարքը:
Մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» (Զաւարեան ) դաշտին վրայ, առիթ մըն է պատրաստելու պատանիներ, որոնք պիտի ներկայացնեն ՀՄԸՄ-ը` Լիբանանի տարիքային ախոյեանութիւններուն:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ, որուն մարզիկները բարձր տրամադրութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի բարձր ոգիով կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը: