Մարզական

Ռիպերի Պիտի Ենթարկուի Վիրաբուժութեան

Իտալական Ֆիորենթինային մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի պէտք ունի վիրաբուժութեան, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան վիրաւորուեցաւ Լեչէի դէմ տեղի ունեցած «Քալչիօ»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումին: Ան այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ կատարեց 11 մրցում` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով նոյնքան էսիսթ:  

«Էն. Պի. Էյ.» Մավըրիքսի 17-րդ Յաղթանակը. Տոնքիչ Թրիփըլ Տապըլ Մը Իրագործեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Տալաս Մավըրիքս 122-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տիթրոյիթի մէջ, Փիսթընզի դէմ: Ասիկա եղաւ անոր 17-րդ յաղթանակը: Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց Լուքա Տոնքիչ (41 կէտ, 12 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Երկարաձգումէն ետք, Սան Անթոնիօ Սփըրզ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Քլիվլենտ Քաւալիրզէն (117-109): Պոսթընի մէջ, Սելթիքս 115-109 արդիւնքով պարտուեցաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն,...

Ախոյեանութիւնը Մէկ Հանգրուանով Շարունակելու Առումով Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Փոփոխութեան Առաջարկը Բաւական Մեծ Աղմուկ Բարձրացուց

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 2019-2020 տարեշրջանի ընդհատուած ախոյեանութիւնը փոփոխութիւններով շարունակելու եւ անիկա միայն մէկ հանգրուանով ամբողջացնելու առաջարկը բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուց ֆութպոլասէր հասարակութեան մօտ, որ իր բողոքն ու դժգոհութիւնը արտայայտեց տարբեր յայտարարութիւններով: Ահտի նախագահ Թամիմ Սլէյման յայտնեց, որ եթէ որդեգրուելիք այս առաջարկը կիրարկուի, լիբանանեան ֆութպոլը պէտք է նկատել «մահացած»: Առաջարկին կիրարկումը կը նշանակէ, որ անկա պէտք չէ անուանել լիբանանեան ֆութպոլ,...

Մասնակցութեամբ 11 Խումբերու. Դրամատուներու Եւ Ընկերութիւններու Պասքեթպոլի 6-րդ Մրցաշարքը Սկիզբ Առաւ

Յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, սկսաւ դրամատուներու եւ ընկերութիւններու պասքեթպոլի «Պանքօ» մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 11 խումբերու: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ խումբերը. Կեդրոնական դրամատուն, Իրաւաբաններու Սենտիքա, «Թուֆիք Ղարղուր», «Աուտէ» դրամատուն, «Սոսիեթէ Ժեներալ», «Ֆաթթալ», «Սամի» խումբ, Լիբանանեան-ֆրանսական դրամատուն, «Մորիքա», «Մայք Սփոր» եւ «Լուպնան Մահժար» դրամատուն: Ա. հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ կարեւորագոյն արդիւնքները. «Աուտէ»-«Ֆաթթալ»` 73-52, Իրաւաբաններու...

22-Էն 30 Դեկտեմբերին` Ճատրակի Ս. Ծննդեան 41-րդ Մրցաշարքը` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբին Մէջ

Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին, 22-էն 30 դեկտեմբեր վերոնշեալ ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան), տեղի կ՛ունենայ ճատրակի Ս. Ծննդեան 41-րդ մրցաշարքը: Մասնակցութեան սակ ճշդուած է քսան հազար լիբանանեան ոսկի: Առաջին երեք դիրքերը գրաւողները յաջորդաբար պիտի ստանան 500, 300 եւ 200 հազար լիբանանեան ոսկիի պարգեւ: Արձանագրութիւններուն համար պէտք է կապ հաստատել Հիւսէյն Համմուտի (03-771795) եւ...

«Եւրոպայի Լիկա». Ա. Էս. Ռոմա Յաջողեցաւ Անցնիլ Յաջորդ Հանգրուան

Հենրիխ Մխիթարեան` երէկուան մրցումին ընթացքին «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուող խմբակներու դրութեամբ մրցումները, երէկ գիշեր հասան իրենց աւարտին: Ա. Էս. Ռոմա թէեւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Վոլֆսպերկըրի հետ, սակայն ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ թրքական Իսթանպոլ Պաշաքշեհիրէն (2-1): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ...

Ֆինլանտայի Մէջ Ձերբակալուած «ՖԱՖ»-ի Անդամը Անպարտ Հռչակուեցաւ

Երէկ Ֆինլանտայի Թուրքու քաղաքին մէջ աւարտեցաւ «ՖԱՖ»-ի անդամներէն մէկուն` Երուանդ Իսմայիլեանի դատավարութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ «ՖԱՖ»-ի անդամներէն Կարէն Մարկոսեան: Նշուեցաւ, որ Իսմայիլեան, որ անպարտ հռչակուեցաւ, քանի մը օր ետք կը վերադառնայ Հայաստան: Ան ձերբակալուած էր նախորդ 15 հոկտեմբերին` Ֆինլանտա - Հայաստան մրցումին (Եւրօ-2020-ի զտումի մրցաշարք):

Պատանիներու Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Հայաստան Պիտի Ունենայ Միայն Մէկ Ներկայացուցիչ

Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք պատանիներու ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, Հայաստան պիտի ունենայ միայն մէկ ներկայացուցիչ` Սպարտակ Ոսկանեանը (դահուկարշաւ), յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: 16 տարեկան մարզիկը մրցասպարէզ պիտի մեկնի իրեն մարզիչ ունենալով Սերկէյ Միքայէլեանը: Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 9-22 յունուար 2020-ին` մասնակցութեամբ 70 երկիրներէ 1880 մարզիկներու (15-18 տարեկան):  

Ճատրակ. Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Ախոյեանութիւններուն Մասնակցողներուն Ցանկը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Հայաստանի տղոց 80-րդ եւ աղջկանց 75-րդ ախոյեանութիւններուն մասնակցողներուն ցանկը: Տղոց ախոյեանութեան կը մասնակցին 12, իսկ աղջկանց ախոյեանութեան` 10 ճատրակ խաղացողներ: Ստորեւ` մասնակցողներուն ցանկը. ՏՂԱՔ. Արման Փաշիկեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Արամ Յակոբեան, Արման Միքայէլեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան: ԱՂՋԻԿՆԵՐ. Մարիա Գէորգեան, Սիրանուշ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ 3-1 արդիւնքով յաղթելով Թոթենհամին, մրցաշարքի պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Գերմանական ակումբը, արձանագրելով վեց յաղթանակ, նշանակելով 24 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստանալով միայն 5 կոլ, 19 կոլի առաւելութեամբ աւարտեց իր ելոյթները: Ասիկա լաւագոյն արդիւնքն է «Չեմփիընզ լիկ»-ի` խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներու պատմութեան...

«Չեմփիընզ Լիկ». Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբերին Կը Կատարուի 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումները նախանցեալ օր հասան իրենց աւարտին եւ յստակացան փլէյ օֆի մրցումներուն (1-16-րդ հանգրուան) մասնակցող խումբերուն անունները: Ատոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 16 դեկտեմբերին: 16 խումբերը բաժնուեցան 2 զամբիւղի` հետեւեալ ձեւով. Ա. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ, Եուվենթուս, Լայփցիկ, Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր Սիթի, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Վալենսիա: Բ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Պորուսիա Տորթմունտ, Չելսի, Ռէալ Մատրիտ, Լիոն,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Կը Կատարուին Երեք Մրցումներ

Հակառակ անոր որ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները մեծամասնութեամբ կը կատարուին այս շաբաթավերջին, սակայն այսօր տեղի կ՛ունենան երեք մրցումներ: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, այսօր Ալաւես (15-րդ) կը հիւրընկալէ նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Լեկանեսը, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Գերմանիոյ 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Օկզպուրկ (12-րդ) հիւրը կ՛ըլլայ Հոֆընհայմի (8-րդ)` ժամը 21:30-ին: Իսկ Ֆրանսայի մէջ, Լիլ (3-րդ)...

Ըստ «Տը Միրըր»-ին. Կուարտիոլայի Պաշտօնը Վտանգուած Է

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի սպանացի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա շատ հաւանաբար կորսնցնէ իր պաշտօնը, կը յայտնէ անգլիական «Տը Միրըր»-ը: Ակումբին ղեկավարութիւնը դժգոհ է անկէ եւ ունի այն կարծիքը, որ ան այս տարեշրջանին ձախողած կը նկատուի իր առաքելութեան մէջ: «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանէն ետք 32 կէտով երրորդ դիրքին վրայ գտնուիլը Սիթիի պատասխանատուներուն մօտ դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուցած է: Նախապէս Կուարտիոլա ըսած...

Տիտիէ Տեշան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2022-ի Աւարտը

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ իր գործող պայմանագիրը երկարաձգեց մինչեւ 2022 տարուան աւարտը, յայտնեց «Ֆրանս ֆութպոլ»-ը: 51 տարեկան մարզիչին գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ յուլիս 2020: Ան իր պաշտօնը ստանձնեց 2012-ին: Անոր հետ Ֆրանսա հանդիսացաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան:

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց, Հարտեն Նշանակեց 55 Կէտ. Ուորիըրզի 21-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց, Հարտեն Նշանակեց 55 Կէտ. Ուորիըրզի 21-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 11 ճակատումներուն ընթացքին, Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան), շարունակելով իրենց տպաւորիչ ելոյթներու շարքը, արձանագրեցին իրենց 22-րդ յաղթանակը: Անոնք կրած են միայն երեքական պարտութիւն: Պաքս յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Օրլինզին (127-112), մինչ Լէյքըրզ յաղթական վերադարձաւ Օրլանտոյէն, ուր 96-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մեճիքի դէմ: Լեպրոն Ճէյմս...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հաւաքականները Իրարու Դէմ Պիտի Մրցին Իրլանտայի Մէջ

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականները ընդգրկուեցան Եւրոպայի 2020-ի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոյն` Բ. խմբակին մէջ: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իրլանտայի Լիմերիք քաղաքին մէջ, 28 յունիսէն 4 յուլիս 2020: Հայաստան Ազրպէյճանի դէմ մրցելէ բացի իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Անտորրան եւ Իրլանտան: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի 18 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականին, որ դարձեալ մաս կազմեց Բ. խմբակին,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ֆետերասիոնին 27 Դեկտեմբերի Համագումարին Կրնան Կատարուիլ Փոփոխութիւններ

27 դեկտեմբերին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարելիք համագումարին վերջնական որոշում կրնայ տալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւններուն վերջնական ճակատագիրը, մանաւանդ որ անոնք սկսած եւ ապա ընդմիջուած են երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն պատճառով: Լիբանանեան մարզական մամուլին համաձայն, Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի մէկ հանգրուանով միայն (եւ ոչ թէ երթուդարձ), եւ դասաւորման առաջին դիրքը գրաւողը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Աթալանթա Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Վերջին 2 Խումբերը, Որոնք Հասան Փլէյ Օֆին

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումները երէկ գիշեր հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցան 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները` Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն մէջ: Նախքան երէկուան մրցումները, արդէն իսկ յստակացած էին փլէյ օֆի մրցումներուն մասնակցող 16 խումբերէն 14-ը: Կը մնային միայն վերջին երկու խումբերը, որոնք եւս պիտի ապահովէին իրենց տոմսերը: Աթալանթայի մարզիկները 15-րդ եւ նախավերջին...

Մխիթարեան Իր Խմբակիցներուն Հետ Այցելեց Հռոմի Հիւանդանոցներէն Մէկը

Ա. Էս. Ռոմային մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր խմբակիցներուն հետ բարեգործական այցելութիւն մը տուաւ Հռոմի մէջ գտնուող «Սանթա Մարիա Մատրէ տել Ռետենթորէ» հիւանդանոցը, ուր հանդիպում ունեցաւ հիւանդ երեխաներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն: Ան իր խօսքը երեխաներուն ուղղելով ըսաւ. «Լաւ ֆութպոլիստ ըլլալու համար պէտք է ամէն օր աշխատիլ եւ հաւատալ սեփական ուժերուն:...

Յառաջիկայ Յունուարին` Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Եւ Մարզիչի Ընտրութիւնը

2019-ի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ մարզիչի ընտրութիւններուն քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ յունուար 2020-ին, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ: Այս առնչութեամբ ֆետերասիոնը յառաջիկային յաւելեալ յայտարարութիւններ պիտի հրապարակէ իր կայքին միջոցով: 2018-ի լաւագոյն ֆութպոլիստն էր Մարքոս Փիցելլի, իսկ լաւագոյն մարզիչը` Անտրէյ Թալալայեւ (նախապէս` Փիւնիկ):

Page 653 of 1279 1 … 652 653 654 … 1,279

Արխիւներ