Լիբանանի պեք-կամընի ֆետերասիոնի նախագահ Էմիլ Շաղուրի երէկ յայտնեց, որ շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի «Սուֆարա» սրահին մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի պեք-կամընի երրորդ բաց ախոյեանութեան մասնակցողներուն թիւը ցարդ հասած է 124 երկսեռ խաղացողներու, ինչ որ կը նկատուի բաւական լաւ թիւ:
Ան ըսաւ, որ արձանագրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր, մինչ ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, իսկ ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: