«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 9 մրցումներ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզի նման (արեւմտեան շրջան), տարեշրջանի իր 21-րդ յաղթանակը արձանագրեց Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան)` 110-101 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Օրլանտօ Մեճիքը:
Պաքսէն 32 կէտ նշանակեց Ճիաննիս Անթեթոքունփօ:
Պաքս եւ Լէյքըրզ կրած են միայն 3-ական պարտութիւն:
Հիուսթընի մէջ, Ռոքեթց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 119-118 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Սաքրամենթօ Քինկզէն, հակառակ անոր որ Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 34 կէտ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց այլ պարտութիւն մը (տարեշրջանի 20-րդը) իր հիւրէն` Մեմֆիս Կրիզլիզէն: Ուորիըրզ ցարդ արձանագրած է միայն 5 յաղթանակ:

Ֆէոնիքսի մէջ, Սանզ յաղթեց իր հիւրին` Մինեսոթա Վուլվզին, 125-109 արդիւնքով: Այս վերջինէս Քարլ Անթոնի Թաունզ նշանակեց 33 կէտ:
Ինտիանայի մէջ, Փէյսըրզ 110-99 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն: Յաղթական կազմէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 36 կէտ:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք չորս մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց արձանագրած արդիւնքները. սկիզբը` յաղթանակ, ապա` պարտութիւն):
Շարլոթ Հոռնեթց (9-16) – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ (7-15)
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ (17-7) – Տենվըր Նակեթց (14-7)
Մայեմի Հիթ (17-6) – Աթլանթա Հոքս (6-17)
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ (9-15) – Նիւ Եորք Նիքս (4-19)


