Շաբաթասկիզբին, իր անդամներուն մեծամասնութեան ներկայութեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Վերտանի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը:
Յայտարարուեցաւ, որ ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ համագումար մը, որուն ընթացքին օրինական որոշումներ պիտի տրուին Լիբանանի 2019-2020 տարեշրջանը շարունակելու գծով:
Ֆետերասիոնին այս ժողովին ընթացքին վաւերացուեցան, նախորդ շաբաթավերջին կատարուած շարք մը մրցումներուն արդիւնքները (կրտսերներ, երիտասարդներ, աղջկանց ֆութպոլ):