«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած չորս մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին հիւրընկալ չորս խումբերն ալ:
Մայեմի Հիթ իր յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգումէն ետք, երբ 135-121 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլանթա Հոքսը:
Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց` Ճիմի Պաթլըր (20 կէտ, 18 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Անոր խմբակից Քենտրիք Նուն նշանակեց 36 կէտ:

Նոյն այս մրցումին, անոնց խմբակից Պեմ Ատեպայօ իր կարգին դարձաւ թրիփըլ տապըլի հեղինակ (30 կէտ, 11 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Շարլոթ Հոռնեթց յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին (114-107), Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ` Տենվըր Նակեթցին (97-92), իսկ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ` Նիւ Եորք Նիքսին (115-87):
Ստորեւ այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Պրուքլին Նեթց – Շարլոթ Հոռնեթց
Մինեսոթա Վուլվզ – Եութա Ճեզ
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Միլուոքի Պաքս – Նիւ Օրլինզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օքլահոմա Սիթի
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Եորք Նիքս