Ինչպէս ծանօթ է, 18 դեկտեմբերին «Քամփ-նու» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ յետաձգուած «Քլասիքօ»-ն:
Սպանական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Քաթալոնիոյ ոստիկանութիւնը, չի կրնար երաշխաւորել Ռէալ Մատրիտի փոխադրակառքին անգտանգ երթեւեկը Պարսելոնայի մէջ, որովհետեւ չունի ատոր համար բաւարար ուժ:
Նշուեցաւ, որ նոյն այդ օրը, Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ դարձեալ տեղի պիտի ունենան բողոքի ցոյցեր, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցած էր նախորդ 26 հոկտեմբերին, այդ պատճառով ալ «Քլասիքօ»-ն յետաձգուած էր:
Ըստ սպանական մամուլին, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը շուտով արտակարգ ժողով մը պիտի գումարէ` վերջնական որոշում տալու համար այս մրցումին վերաբերեալ: