Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքը պիտի ըլլայ այս տարուան վերջինը, որուն ընթացքին մարզիկները պիտի փորձեն յաւելեալ կէտեր ապահովելով տոմսեր ձեռք ձգել 2020-ի ողիմպիականի ծանրաբարձութեան մրցումներուն համար:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան, որ պիտի մասնակցի 96 քկ դասակարգի մրցումներուն, ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ եւ պիտի պայքարի ողիմպիականի տոմս մը ապահովելու համար:
Տոհայի մէջ մինչեւ 25 դեկտեմբեր տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին Հայաստանէն ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Անդրանիկ Կարապետեան (81 քկ), Գոռ Մինասեան եւ Ռուբէն Ալեքսանեան (109 քկ եւ վեր):
Վարկանշային այս մրցաշարքին Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը ունի երկու ներկայացուցիչ. Իզաբելա Եայլեան (59 քկ) եւ Տաթեւ Յակոբեան (87 քկ):



