«Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր, Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսին` աւարտականի մրցումին երկարաձգումէն ետք 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած պրազիլական Ֆլամենկօ խումբին դէմ:
Մրցումին 99-րդ վայրկեանին, պրազիլցի յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը` փոխանցում մը ստանալէ ետք Սենեկալցի Սատիօ Մանէէն:
Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած այս մրցումին, ներկայ էր աւելի քան 45 հազար հանդիսատես:
Մրցումի աւարտին ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:
2005-ին Լիվըրփուլ հասած էր աւարտականին, բայց 1-0 արդիւնքով պարտուած Սան Փաուլոյէն (Պրազիլ):
Ինչ կը վերաբերի երրորդ դիրքի մրցումին, Մոնթերէյ փենալթիներով (4-3) յաղթանակ մը արձանագրեց Հիլալի դէմ:
Այսպիսով, Լիվըրփուլ հանդիսացաւ Անգլիոյ ամէնէն շատ տիտղոսակիր ակումբը (47 տիտղոս): Մանչեսթըր Եունայթըտ տիրացած է 45 տիտղոսի:
Իսկ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած աւարտական մրցումէն ետք Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ ճանչցուեցաւ մրցաշարքի լաւագոյն ֆութպոլիստը:



