Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 28 ֆութպոլիստներ հրաւիրուեցան Լիբանանի ազգային խումբ` յառաջիկայ շաբաթասկիզբին սկսելու համար իրենց փորձերուն:
Փորձերը տեղի պիտի ունենան երկուշաբթի, 23 եւ երեքշաբթի, 24 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-էն սկսեալ, Անսարի դաշտին վրայ:
Այս փորձերը պիտի ըլլան պատրաստութիւն` Քաթար-2022-ի մոնտիալին եւ Չինաստան-2023-ի Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի զոյգ մրցաշարքերուն համար:
Ստորեւ` ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներուն անունները.
Մեհտի Խալիլ, Հասան Զէյն, Նուր Մանսուր, Խալիլ Խամիս, Մոհամետ Հայտար, Ռապիհ Աթայա, Հիւսէյն Մունզեր, Մուհթազ Ժունտի, Հասան Շըհայթօ, Հասան Պիթար, Ատնան Հայտար, Հասան Մաաթուք, Սոնի Սաատ, Նասսար Նասսար, Ահմետ Թաքթուք, Քասեմ Զէյն, Ապտալլա Այշ, Նատեր Մաթար, Ալի Տահեր, Հիւսէյն Ռըզք, Հասան Քուրանի, Մոհամետ Զէյնապէտտին Թահհան, Ահմետ Ժալլուլ, Եհիա Հընտի, Ահմետ Հիժազի, Քարիմ Տարուիշ եւ Մուսթաֆա Մաթար: