Ճիւնիի շրջանին մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը գումարեց իր համագումարը` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի ներկայացուցիչին ներկայութեան:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 ակումբներէն ընդամէնը 19-ը, ինչ որ ժողովը դարձուց օրինական:
Ժողովականները վաւերացուցին վարչական եւ տնտեսական հաշուետուութիւնը, որմէ ետք հրապարակուեցաւ 2019-2020 տարեշրջանին յայտագիրը:
Աւարտին Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին նախագահը` Շարպել Սալամէ, պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:




