Իտալական Նափոլի ֆութպոլի ակումբի նախկին գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ Էվըրթընի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
60 տարեկան իտալացին Էվըրթընի հետ կնքեց 4,5 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ան նախապէս եղած է նաեւ Ա. Սէ. Միլանի, Չելսիի, Ռէալ Մատրիտի, Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պայէրն Միւնիխի մարզիչ:



