Շաբաթ, 21 դեկտեմբերին տեղի ունեցան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1» 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները:
Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք, երթի մրցումները աւարտեց 45 կէտով, երբ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ամիենին:
Քիլիան Մպափէ նշանակեց 2 կոլ, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Նէյմար եւ Մաուրօ Իքարտի:
Մարսէյ (2-րդ) ամրապնդեց իր դիրքը եւ ունեցաւ 38 կէտ` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիմին: «Օրենճ Վելոտրոմ»-ի դաշտին մէջ ներկայ էր 59 հազար հանդիսատես:
Մոնաքօ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Լիլի դէմ` 5-1 արդիւնքով:
Դարձի մրցումները կը սկսին 10 յունուար 2020-ին: