Ինչպէս արդէն նախապէս յայտարարուած էր, այդպէս ալ պատահեցաւ: Սպանացի ֆութպոլի մասնագէտ Միկել Արթեթա նշանակուեցաւ Արսենալի գլխաւոր մարզիչ:
Նախքան իր այս պաշտօնը ստանձնելը, ան Մանչեսթըր Սիթիի քաթալոնացի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի օգնականն էր:
37 տարեկան Արթեթա երեքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:



