Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Սիթի կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լայսթըրին:
Մանչեսթըր Սիթի, որ այժմ ունի 38 կէտ, 11 կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլէն: Լայսթըր ունի 39 կէտ:
8-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրն էր վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ուաթֆորտին, կրեց 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը:
Էվըրթըն – Արսենալ մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով:
Իսկ լոնտոնեան տերպիի մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Թոթենհամը եւ Չելսին, վերջ գտաւ վերջինիս յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Ուիլիան նշանակեց Չելսիի 2 կոլերը:



