Իտալական Ֆիորենթինա ֆութպոլի ակումբին ղեկավարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչ Վինչենցօ Մոնթելայը, այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Նախորդ շաբաթավերջին Ֆիորենթինա Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, իր դաշտին վրայ կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Ա. Էս. Ռոմայէն:
Անիկա այժմ կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը` 17 կէտով:
Մոնթելա Ֆիորենթինայի մարզիչ նշանակուեցաւ այս տարուան ապրիլին:



