Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գումարելիք համագումարէն ճիշդ շաբաթ մը առաջ, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մաս կազմող 12 ակումբներուն նախագահներն ու ընդհանուր քարտուղարները, այսօր` ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, պիտի գումարեն ընդլայնուած ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի ճշդեն իրենց դիրքորոշումը` ընդհատուած ախոյեանութեան վերաբերեալ:
Այս ժողովը տեղի պիտի ունենայ Շապապ Սահելի ակումբին մէջ:
Արդեօք 12 ակումբները պիտի համաձայնի՞ն միացեալ որոշում մը տալու գծով:
Կը խօսուի տարբեր որոշումներու մասին: Սակայն անոնց ժողովէն ետք կը վճռուի անոնց ճշդելիք դիրքորոշումը եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին իրենց ուղարկելիք նամակին բովանդակութիւնը: