Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ այդքան ալ զօրաւոր ճակատումները պիտի չկատարուին:
Գերմանիոյ մէջ, Լայփցիկ (առաջին) եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ (երկրորդ), որոնք ունին 34-ական կէտ, պիտի պայքարին յաղթանակ արձանագրելու համար, որպէսզի հանդիսանան երթի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ պիտի կատարուին երթի վերջին հանգրուանի մրցումները:
Այս հանգրուանէն ետք, «Պունտըսլիկա»-ն կ՛առնէ իր ձմեռնային արձակուրդը, մինչեւ 17 յունուար 2020:
Ֆրանսայի մէջ եւս տեղի կ՛ունենան երթի վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).




