Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ «Կլոպ Սաքըր Ըուըրտծ» մրցանակաբաշխութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ճանչցուեցաւ 2019 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
34 տարեկան ֆութպոլիստը իր ետին ձգեց Լիվըրփուլի հոլանտացի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյքը, եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահը (Լիվըրփուլ) եւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին:
Ռոնալտօ, որ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին անոր տիրացած է վեց անգամ: