Վոլկոկրատցի Արթուր Դանիէլեան, որ առաջին անգամ ըլլալով ընդգրկուեցաւ Ռուսիոյ գեղասահքի մեծերու հաւաքականին մէջ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 20-26 յունուարին, աւստրիական Կրաց քաղաքին մէջ:
Արթուր Դանիէլեան, որ նախորդ 17 դեկտեմբերին տօնեց իր ծննդեան 16-րդ տարեդարձը, նախորդ շաբաթ Քրասնոտարի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ գեղասահքի ախոյեանութեան գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Իսկ նախորդ տարի ան աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան տիրացաւ արծաթ մետալի:
Ան գեղասահքով կը զբաղի 5 տարեկանէն: