Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») իր մասնակցութիւնը բերող Ուեսթ Համ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ խումբի չիլիցի մարզիչ Մանուէլ Փելեկրինին:
66 տարեկան Փելեկրինիի խումբը 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն իր դաշտին վրայ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը Լայսթըր Սիթիէն:
Ան խումբի մարզիչ նշանակուած էր մայիս 2018-ին:
Ուեսթ Համ այժմ կը գտնուի վտանգաւոր գօտիին վրայ: 19 կէտ միայն ապահոված Ուեսթ Համ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը: