Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Ա. Սէ. Միլան:
38 տարեկան Իպրահիմովիչ 2 յունուար 2020-ին պիտի հասնի Միլանօ եւ բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք պիտի միանայ իր խմբակիցներուն ու պիտի սկսի իր փորձերուն:
Իպրահիմովիչ, որ երկու տարեշրջան (2010-էն 2012) մաս կազմած է Ա. Սէ. Միլանի, 85 մրցումի ընթացքին նշանակած է 56 կոլ:
Ան պիտի ստանայ իր նախկին թիւ 11 մարզաշապիկը:
Այս մարզաշապիկը այժմ կը կրէ Ֆապիօ Պորինի, որ յունուար 2020-ին պիտի հեռանայ խումբէն:
Ան Ա. Սէ. Միլանի հետ պիտի կնքէ կէս տարուան պայմանագրութիւն մը (փոխան 3 միլիոն եւրոյի)` այդ ժամկէտը մէկ տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ: