Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ զօրակցութեամբ Ժըտէյտէ – Պաուշրիէ – Սատ քաղաքապետութեան եւ Միշել Մըրի անուան համալիրին տնօրէնութեան, երկուքէն երեք ամիսներու վրայ երկարած Անթուան Ղըրայյեպի անուան տարիքային 7-րդ մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան աւարտականի մրցումները:
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
10 տարեկանէն վար.- Սպաքեթ Թրիփոլի – Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի` 60-46
12 տարեկանէն վար.- Պրէյնըրզ – Ռիատի` 53-46
14 տարեկանէն վար.- Ռիատի – Ռիպաունտ` 53-38
16 տարեկանէն վար.- Հուփս – Էներժի` 63-55
18 տարեկանէն վար.- Հուփս – Էներժի` 70-66
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մրցաշարքին մասնակցած ակումբներուն նախագահներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն:
Կազմակերպիչներուն կողմէ յատուկ յուշանուէրներ տրուեցան հովանաւորներուն եւ այլ անձերու: