Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները:

Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը` այս անգամ իր «զոհը» դարձնելով Վուլվզը:
Սակայն մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի կազմը իր այս յաղթանակը արձանագրեց քիչ մը դժուարութեամբ` 1-0 արդիւնքով:
Աւելի քան 53 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Սատիօ Մանէ նշանակեց մրցումին միակ կոլը (42-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիվըրփուլ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 55 կէտ եւ այժմ 13 կէտով կը գերազանցէ Մանչեսթըր Սիթին, որ երէկ գիշեր այս հանգրուանին ծիրին մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շեֆիլտ Եունայթըտին, Լայսթըր Սիթիէն խլեց երկրորդ դիրքը:
Սերճիօ Ակուերօ (52-րդ) եւ Քեւին Տէ Պրույնէ (52-րդ) նշանակեցին Սիթիի կոլերը:

Ինչ կը վերաբերի լոնտոնեան տերպիին, որ տեղի ունեցաւ «Էմիրէյթց»-ի դաշտին վրայ, աւելի քան 60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Արսենալ պարտուեցաւ Չելսիէն` 2-1 արդիւնքով:
Փիեր Էմերիք – Օպամեյանկ նշանակեց Արսենալի կոլը (13-րդ), որմէ ետք Չելսի 2 անգամ պատասխանեց (83-րդ եւ 87-րդ):
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պըրնլիի դաշտին վրայ, 2-0 արդիւնքով: Անթոնի Մարթիալ (44-րդ) եւ Մարքու Ռեշֆորտ (90-րդ) նշանակեցին Եունայթըտի կոլերը: