«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը ներկայացուց 2010-էն 2019 ժամանակաշրջանին եւրոպական ֆութպոլի ամէնէն լաւ ելոյթ ունեցած ակումբներուն վարկանշային դասաւորումը:
Անոր մէջ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտ, որ չորս անգամ տիրացած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ երեք անգամ ալ դարձած է Եւրոպայի գերբաժակակիր:
Անիկա ապահովեց 255 կէտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Պայէրն Միւնիխ (244 կէտ), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Պարսելոնա (243 կէտ):