Լոնտոնեան Ուեսթ Համի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ սկովտիացի Տէյվիտ Մոյես նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ, կողմերը իրարու հետ կնքեցին 18 ամսուան պայմանագրութիւն մը:
56 տարեկան Մոյես նախապէս նոյեմբեր 2017-էն մինչեւ չիլիցի Մանուէլ Փելեկրինիի նշանակումը (մայիս 2018) եղած էր ակումբի մարզիչ:
Նախորդ տարեշրջանին Ուեսթ Համ տարեշրջանը աւարտեց 10-րդ դիրքին վրայ:
Սակայն այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած բաւական վատ արդիւնքներուն պատճառով (այժմ` 17-րդ), ակումբը որոշեց պաշտօնազրկել 66 տարեկան Փելեկրինին: