«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 14 ճակատումներ:
Շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը` շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց իր 29-րդ յաղթանակը, երբ 111-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Օրլանտօ Մեճիքը:
Արեւմտեան շրջանի վերջին դիրքին վրայ գտնուող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Տալաս Մավըրիքսը, անկէ կրեց 141-121 արդիւնքով պարտութիւն մը: Յաղթական կազմէն Լուքա Տոնքիչ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (31 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 15 էսիսթ), մինչ Ուորիըրզէն, ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տ՛Անճելօ Ռասըլ (35 կէտ):
Այս պարտութիւնը Ուորիըրզի համար եղաւ տարեշրջանի 25-րդը:
Իր կարգին, թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց Նիքոլա Ժոքիչ (31 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), երբ անոր կազմը` Տենվըր Նակեթց, 119-110 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մեմֆիս Կրիզլիզին:
Հիուսթընի մէջ, Ռոքեթց 108-98 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցին: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 44 կէտ:
Փորթլենտի մէջ, Թրէյլ Պլէյզըրզ 128-120 արդիւնքով պարտուեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն: