Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի կեդրոնի յետսապահ Մարքինիոս նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մայրաքաղաքի կազմին հետ:
Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:
25 տարեկան Մարքինիոս, որ Սեն Ժերմենի հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2013-էն ի վեր, անոր հետ ցարդ 270 մրցումի ընթացքին նշանակած է 20 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ:
Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ ան հինգ անգամ հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան, իսկ չորս անգամ ալ` երկրի բաժակակիր:



