Ա. Սէ. Միլանի սպանացի բերդապահ Փեփէ Ռէյնա տեղափոխուեցաւ Անգլիա եւ միացաւ Ասթոն Վիլային, յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պիրմինկհեմեան ակումբը Ռէյնան փոխ առաւ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: 37 տարեկան սպանացին փոխարինեց վիրաւոր Թոմ Հիթընը, որ մինչեւ տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Միլանեան ակումբին հետ Ռէյնայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2020-ի ամառը:
Ռէյնայի փոխարէն Ա. Սէ. Միլան իր կազմին միացուց (դարձեալ վարձակալութեամբ) Փորթցմաութի պոսնիացի բերդապահ Ասմիր Պեկովիչը: