Քաթալոնական Պարսելոնայի նոր նշանակուած մարզիչ Քիքէ Սեթիեն երէկ ստացաւ բազմաթիւ շնորհաւորանքներ:
Ան ստացաւ յատուկ շնորհաւորանք մըն ալ` Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնէն (ՖԻՏԷ):
Սեթիեն ճատրակի մեծ սիրահար մըն է եւ ՖԻՏԷ-ի դասաւորման մէջ ունի 2055 վարկանշային կէտ:
Ինչպէս ծանօթ է, ան Պարսելոնայի հետ ստորագրեց երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը:
Սեթիեն ճատրակի մարզին մէջ մրցում կատարած է նաեւ աշխարհի նախկին ռուս ախոյեան, կրանտմասթըր Անաթոլի Քարփովի դէմ: