Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Հայաստանի ճատրակի ակադեմիա, ուր տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Մարգարեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի 10-րդ միջազգային մրցաշարքը:
Անոր կ՛ընկերանային ֆետերասիոնի նախագահ առաջին տեղակալ Սմբատ Լպուտեան եւ նախագահի տեղակալ Տարօն Մարգարեան:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն, Արցախէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ ճատրակ խաղացողներ (շուրջ 533 հոգի):
Դ. հանգրուանի մրցումներէն ետք առաջին դիրքին վրայ (3 կէտով) կը գտնուի Արցախը ներկայացնող Յովիկ Հայրապետեան: