Ինչպէս ծանօթ է, 23 յունուարէն 1 փետրուար տեղի պիտի ունենայ Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքը:
Այս մրցաշարքին Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երեք խումբեր: Անոնք են` Ռիատի Պէյրութ, Պէյրութ եւ Հուփս:
Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Պէյրութի կազմին հետ այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Շանվիլի նախկին մարզիկ Քարիմ Իզզէտտին: