Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան եօթը մրցումներ:
Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 31-րդ յաղթանակը` 128-99 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Քլիվլենտ Քաւալիրզը:

Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 31 կէտ, մինչ Քեւին Լովէ` 21 կէտ:
Տիթրոյիթ Փիսթընզ երկարաձգումէն ետք 117-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Նիւ Օրլինզէն:
Օքլահոմա Սիթի 117-104 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզին:
Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տանիլօ Կալիանի (30), մինչ անոր քանատացի խմբակից Սհայ Կիլճըս-Ալեքսանտր թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 20 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, որ հիւրընկալեց Շարլոթ Հոռնեթցը, արձանագրեց 115-112 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 30 կէտ:


