Սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է կրան շլեմի բազմաթիւ տիտղոսներու, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ այս տարի տեղի ունենալիք Աւստրալիոյ կրան շլեմի մրցաշարքին յստակ թեկնածուի անուն կարելի չէ տալ` տիտղոսին տիրանալու առումով:
«Կարծիքովս, թէեւ իրենց կատարած ելոյթներով պիտի առանձնանան Նատալ եւ Ֆետերեր, ինչպէս նաեւ` Ցիցիփաս եւ Թիեմ, սակայն կրնայ որեւէ անակնկալ պատահիլ եւ ոեւէ մէկը կրնայ տիտղոսակիր ըլլալ», ըսաւ Ճոքովիչ:
Վերոնշեալ մրցաշարքը պիտի սկսի 20 յունուարին եւ պիտի աւարտի 2 փետրուարին:
Այս տարի տղոց եւ աղջկանց անհատական մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 128-ական մարզիկներ:
Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը կը կատարուի` 107-րդ անգամ ըլլալով (առաջինը` 1905-ին):
Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 71 միլիոն ամերիկեան տոլար: