Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Արամ Հայրապետեան իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Իրանի մէջ, ուր հանդէս պիտի գայ Փէյքանի հետ (Բ. դասակարգ):
Անոր փոխանցման գծով այլ տեղեկութիւններ չյայտարարուեցան:
Ան նախապէս ելոյթ կ՛ունենար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Ուրարտուի (նախապէս` Բանանց) հետ, որուն հետ կատարեց 9 մրցում:
Անոր նոր ակումբը 16 խումբերուն մէջ կը գրաւէ 14-րդ վտանգաւոր դիրքը (13 կէտով)` 21 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փերսեփոլիսէն: