Երեւանի Արարատ ֆութպոլի խումբը, վերադառնալով իր արձակուրդէն, երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Խումբը երէկ մեկնեցաւ Սոչի, ուր մինչեւ 30 յունուար ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ:
Ակումբին գլխաւոր մարզիչն է Իկոր Քոլիվանով:
Նշուեցաւ, որ խումբին հետ փորձառական շրջան մը կը կատարեն շարք մը ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Արարատ-2-ի երկու ֆութպոլիստներ Ռոման Շահրամանեան եւ Վոլոդիա Իսրայէլեան:
Նախատեսուած են նաեւ շարք մը բարեկամական մրցումներ:
Պատրաստուելու համար բարձրագոյն դասակարգի վերսկսելիք ախոյեանութեան, այս շաբաթավերջին Փիւնիկ Երեւան եւ Շիրակ Գիւմրի իրարու դէմ բարեկամական մրցում մը պիտի կւատարեն առաջինին դաշտին վրայ:
Իսկ Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ուրարտուի դէմ (28 յունուարին):
6 փետրուարին խումբը պիտի մեկնի Անթալիա, ուր պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը (2 շաբաթ):