Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր մարզիչը` Քիքէ Սեթիենը, որ յաջորդեց Էռնեսթօ Վալվերտէին:
61 տարեկան սպանացին, որ նախապէս եղած է սպանական շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ռասինկ Սանթանտերի, Ռէալ Պեթիսի մարզիչ, ցարդ ոչ մէկ տիտղոսի տիրացած է մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, իսկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան ելոյթ ունենալով սպանական հինգ տարբեր ակումբներու հետ (իբրեւ կեդրոնի միջնապահ), ան 518 մրցումի ընթացքին նշանակած է 95 կոլ:
Անոր միջազգային ասպարէզը եղած է շատ կարճ: Ան 3 անգամ կրած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, իսկ 2 անգամ ալ` Սպանիոյ 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին շապիկը:
Նշուեցաւ, որ Սեթիեն, Պարսելոնայի հետ ստորագրեց երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը: