Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` Լիվըրփուլի յաղթանակով, որ շարունակեց մնալ անպարտելի` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին Մանչեսթըր Եունայթըտին:

Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Վիրճիլ Վան Տիյք (14-րդ) եւ Մոհամետ Սալահ (90+3)
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիվըրփուլ ունեցաւ 64 կէտ:
Մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի կազմը այժմ ունի 64 կէտ եւ 16 կէտի առաւելութիւն մը` Մանչեսթըր Սիթիի վրայ, որ չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Քրիսթալ Փալասին (2-2): Սերճիօ Ակուերօ նշանակեց Սիթիի 2 կոլերը (82-րդ եւ 87-րդ), մինչ հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն` շնորհիւ Ֆերնանտինիոյի (սխալմամբ` իր բերդին մէջ):


