Շաբաթ, 18 յունուարին, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ աւարտեցաւ Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքը:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով` տիտղոսակիր դարձաւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովիկ Հայրապետեան:
Միջազգային այս մրցաշարքին նոյնքան կէտ ապահոված Զուրաբ Սթուրուա գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը 5,5 կէտով ամբողջացուց Արթուր Դաւթեան:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 533 ճատրակ խաղացողներ Հայաստանէն, Արցախէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Ինտոնեզիայէն: