Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց 2020-ի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները տեղի ունեցան երէկ` կիրակի, 19 յունուարին, սակայն երկուքին պարագային ալ ախոյեաններուն անունները չվճռուեցան:
Այսօր կը յստականան ախոյեաններուն անունները, երբ կատարուին վերջին հանգրուանի մրցումները:
Աղջկանց 75-րդ ախոյեանութեան, 8-րդ հանգրուանին Մարիա Գէորգեան շարունակեց մնալ յառաջատար, երբ երէկ այլ յաղթանակ մը արձանագրելով իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 7 կէտ: 6,5 կէտ ունի Սուսաննա Գաբոյեան:
Տղոց պարագային յառաջատարն է Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ ունի 5,5 կէտ: Հայկ Մարտիրոսեան ունի 5 կէտ: