Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սեւիլլայի (Սպանիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Առաջին դիրքը գրաւեց եւ տիտղոսին տիրացաւ ուքրանացի Քիրիլ Շեւչենքօ (8,5 կէտով):
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Տիգրան Յարութիւնեան, 6 կէտով գրաւեց 23-րդ դիրքը:



