Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները:
Ինթեր Միլան, որ հիւրը եղաւ Լեչէին, չկրցաւ անկէ խլել առաւելագոյն երեք կէտերը եւ բաւականացաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Սակայն Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ա. Սէ. Միլան, արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, իր հիւրին` Ուտինեզէի դէմ:
Սակայն Հռոմ քաղաքին երկու խումբերը, Լացիօ Ռոմա եւ Ա. Էս. Ռոմա, յաղթանակներ արձանագրեցին Սամտորիայի (5-1) եւ Ճենովայի (3-1) դէմ:
Ինչ կը վերաբերի երէկ գիշեր տեղի ունեցած վերջին մրցումին, որ իրարու դէմ հանեց Եուվենթուսն ու Փարման, անիկա աւարտեցաւ Եուվենթուսի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կերտեց իր կազմին յաղթանակը` տուպլէ մը իրագործելով (43-րդ եւ 58-րդ):



