Երէկ` ուրբաթ, 17 յունուարին սկսաւ Հայաստանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան 2020 տարեշրջանը` Աշոցքէն:
Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան յայտնեց, որ այս տարի ախոյեանութեան կը մասնակցին դահուկորդներ նաեւ Զուիցերիայէն:
Այս տարի ախոյեանութեան կը մասնակցին շուրջ 30 մարզիկներ Գիւմրիէն, Աշոցքէն, Երեւանէն եւ Վանաձորէն:
Այս ախոյեանութիւնը, որ կ՛աւարտի վաղը` կիրակի, 19 յունուարին, ընդգրկուած է Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին վարկանշային յայտագիրին մէջ:
Ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ փետրուարին` դարձեալ Աշոցքի մէջ: