Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ յայտնեցին, որ Հայաստանի կռփամարտի ազգային տարբեր հաւաքականները ունեցան իրենց նոր գլխաւոր մարզիչները:
Ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Վահան Ադիլխանեան, որ մինչ այդ կը կատարէր գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պաշտօնը:
Անոր օգնական նշանակուեցաւ Պաւլիկ Ղարսլեան:
Կարէն Աղամալեան պիտի շարունակէ գլխաւորել երիտասարդական հաւաքականը` իրեն օգնական ունենալով Գարիկ Բարսեղեանը:
Միջազգային կարգի անուանի վարպետ, Եւրոպայի արծաթէ մետալակիր, արհեստավարժ կռփամարտի «Եու. Էս. Պի. Էյ.»-ի (Միացեալ Նահանգներ) ախոյեան Արտեոմ Սիմոնեան պիտի մարզէ աւագ տարիքի պատանիներու հաւաքականը: Անոր օգնականը պիտի ըլլայ Գէորգ Կոստանեան:
Տիգրան Արմենակեան պիտի մարզէ կրտսեր տարիքի պատանիներու հաւաքականը, իսկ աղջկանց հաւաքականը պիտի գլխաւորէ Հայկ Խաչատրեան: