Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 2020-ի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Այս հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին Արամ Յակոբեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արման Փաշիկեան:
Ախոյեանութեան աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ իր տամադրութեան տակ ունի 4,5 կէտ, կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, յառաջատարն է Մարիա Գէորգեան, որ այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց, այժմ 5 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: