Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ, Պարսելոնա իր դաշտին` «Քամփ Նու»-ի մէջ հիւրընկալեց Կրանատան:
Նշենք, որ անիկա եղաւ առաջին պաշտօնական մրցումը` Պարսելոնայի նոր նշանակուած մարզիչ Քիքէ Սեթիենի համար:
Պարագլուխի դիրքին վրայ մնալու համար Պարսելոնա ամէն գնով պէտք ունէր յաղթանակի` նկատի ունենալով, որ օր մը առաջ Ռէալ Մատրիտ ժամանակաւորապէս գրաւած էր առաջին դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սեւիլլային: Այս մրցումին Քասեմիրօ տուպլէ մը իրագործած էր (57-րդ եւ 69-րդ):
Այլ մրցումի մը, Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս, 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Էյպարէն (16-րդ):
Ինչ կը վերաբերի երէկ գիշերուան Պարսելոնա – Կրանատա մրցումին, անիկա աւարտեցաւ Պարսելոնայի յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Լիոնել Մեսսի նշանակեց մրցումին միակ կոլը (76-րդ):