Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի անգլիացի յետսապահ եւ խմբապետ Էշլի Եանկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ինթեր Միլանի հետ:
34 տարեկան Եանկ իր նոր կազմին հետ կնքեց մէկուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը:
Անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար իտալական ակումբը Եունայթըտին վճարեց 1,5 միլիոն եւրօ:
2007-էն ի վեր Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ելոյթ ունեցող Եանկ Եունայթըտին մաս կը կազմէ 2011-էն ի վեր: