Քաթալոնիական Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի համար 2019-2020 տարեշրջանը աւարտեցաւ: Այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ֆինլանտայի մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, վեց ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն:
Ան իր փորձերուն պիտի վերսկսի յունիսի վերջը:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան չորրորդ անգամն ըլլալով վնասուածք ստացաւ: Այդ իսկ պատճառով, ան Պարսելոնայի հետ կատարեց միայն 9 մրցում` նշանակելով կոլ մը: